ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԸ, Սուրբ Ազգային Ընկերվարական գաղափարական վարդապետութեան դպրոցի ուղափառ ջահակիրներուն հարձակումը կը սաստկաննայ ընդեմ ապազգային Նիոիլեպարլիզմի
ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻԲՐԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԸ
Հայաստանի մէջ շարունակուող իշխանութիւն–Եկեղեցի լարուածութիւնը վերջին շաբաթներուն ստացած է աննախադէպ բնոյթ։ Չորս թեմակալ առաջնորդներու ձերբակալութիւնը, եկեղեցական տարածքներու մէջ ոստիկանութեան միջամտութիւնները եւ պետական կառոյցներու ուղղակի մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն՝ խորացած են մինչեւ համակարգային ճգնաժամ։
Զարգացումները հարցականի տակ կը դնեն ոչ միայն իրաւական պետութեան սկզբունքները, այլեւ կրօնական ազատութիւնները, քաղաքացիական իրաւունքները եւ ընդհանրապէս՝ պետականութեան կենսունակութիւնը։ Հետաքրքիր է, արդեօ՞ք Հայաստանի մէջ վխտացող, այսպէս կոչուած «մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան» կազմակերպութիւնները իրաւա՞մբ չեն նշմարեր իշխանութեան օրինազանցութիւնները
Aharon Shekerdemian
ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻԲՐԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԸ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայաստանի մէջ շարունակուող իշխանութիւն–Եկեղեցի լարուածութիւնը վերջին շաբաթներուն ստացած է աննախադէպ բնոյթ։ Չորս թեմակալ առաջնորդներու ձերբակալութիւնը, եկեղեցական տարածքներու մէջ ոստիկանութեան միջամտութիւնները եւ պետական կառոյցներու ուղղակի մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն՝ խորացած են մինչեւ համակարգային ճգնաժամ։
Զարգացումները հարցականի տակ կը դնեն ոչ միայն իրաւական պետութեան սկզբունքները, այլեւ կրօնական ազատութիւնները, քաղաքացիական իրաւունքները եւ ընդհանրապէս՝ պետականութեան կենսունակութիւնը։ Հետաքրքիր է, արդեօ՞ք Հայաստանի մէջ վխտացող, այսպէս կոչուած «մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան» կազմակերպութիւնները իրաւա՞մբ չեն նշմարեր իշխանութեան օրինազանցութիւնները
Պետական կառոյցները կորսնցուցած են չէզոքութիւնը եւ կը գործեն քաղաքական հրահանգներով, իսկ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւններու եւ ոստիկանութեան ներգրաւումը կրօնական արարողակարգերու մէջ սահմանադրական լիազօրութիւններուն սահմաններէ դուրս, բռնատիրական կարգերու յատուկ արարքներ են։
Պետական հիմնարկները վերածուած են անձի մը քաղաքական կամքը սպասարկող միջոցի՝ կորսնցնելով իրենց ինքնավար դերակատարութիւնը։
Փաշինեան քանիցս յայտարարած է, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի ունենան աշխարհաքաղաքական խորք։ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն գնով կը փորձեն երկիրը տարանջատել Ռուսիայէն։ Այս համատեքստին մէջ պէտք է դիտել վարչապետին հրահանգով կատարուող ձերբակալութիւնները, բռնութիւնները,խուզարկութիւնները, եկեղեցւոյ վարկ ու բարքին հանդէպ անոր նախանձախնդրութիւնը։
Հայ Եկեղեցին «գործակալներէ ազատագրելու» վարչապետին քայլերը կը խորացնեն հանրային պառակտումը եւ նոր բախումներու վտանգ կը ստեղծեն:
Քանի մը օր առաջ Փաշինեան պահանջեց, որ եկեղեցիներու մէջ պէտք է հնչել պետական օրհներգ եւ տեղադրուի դրօշ՝ այս պահանջը ներկայացնելով իբրեւ «վերին» ու «ներքին» հաստատութիւններու միջեւ փոխյարաբերութեան խորհրդանիշ։ Իրաւական յենարանէ մերկ պարտադրանք մը…:
Բայց գլուխ գործոցը, վարչապետին պնդումն էր՝ Հայ Առաքելական եկեղեցին «ստեղծուած է պետութեան կողմէ» 301-ին: Պատմագիտական անճշտութիւն մըն է: Առ ի գիտութիւն Հայաստանի վարչապետին, քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք պաշտօնապէս ընդունուած ենք 301- թուականին: Իսկ Հայ Առաքելական եկեղեցին հիմնադրուած է առաջին դարուն Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս առաքեալներուն կողմէ: Հայ եկեղեցւոյ անուանումը ծագած է Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս հիմնադիր առաքեալներու հոգեւոր կոչումէն: Այդ է պատճառը, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը նկատուի յաջորդն ու ժառանգորդը Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս առաքեալներու եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի:
Միջազգային դիտորդներ արդէն կը նշեն, որ Հայաստանը թեւակոխած է պետականութեան քայքայման, ներքին բռնութեան եւ ահաբեկչական մթնոլորտի վտանգաւոր փուլ մը։
Լա՞նք, թէ՞ խնդանք: